Հայկական փափուկ ուժը սփիւռքի մէջ
Manage episode 342398906 series 3346808
Սփիւռքի մէջ հայկական փափուկ եւ կարծր ուժի մասին զրոյց փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ։ Սփիւռքի փափուկ ուժը կազմակերպելու եւ հայաստանակեդրոն դարձնելու ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանք տարուած է խորհրդային իշխանութեանց շրջանին։ Այս մօտեցումը, զոր կարելի է բնութագրել նաեւ իբրեւ պետականակեդրոն, շարունակուած է անկախութեան տարիներուն, կ՝ըսէ սփիւռքագէտ Չիլինկիրեան։
Սփիւռքի փափուկ ուժը կը յայտնուի գլխաւորաբար երեք ոլորտներու մէջ. մշակոյթ, գիտութիւն, գործարարութիւն։ Այս ոլորտներու մէջ միջազգային մակարդակով յայտնի գործիչներն են՝ երաժիշտներ, գիտնականներ կամ մեծ ձեռնարկատէրներ, որոնք կը հանդիսանան սփիւռքի փափուկ ուժի կրողները։
Ըստ Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ մերձաւոր արեւելեան բաժանմունքի դասախօս փրոֆ. Չիլինկիրեանին, հայկական փափուկ ուժն ու կարծր ուժը կը բնորոշուին հայկական ինքնութեան սահմանումի իրենց տարբերութիւններով։ Սիվիլնեթի «#Տրոփ» ծրագրէն զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։
#CivilNet #ՍիվիլՆեթ
483 פרקים